2014-09-17 10:03:04

Ապտել Լաթիֆ Տըրիան` պաշտօնապէս Լիբանանի Միւֆթի


Երեքշաբթի, 16 սեպտեմբերին, Լիբանանի Վարչապետ Թամմամ Սալամ, հանրապետութեան միւֆթի հռչակեց շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանը, որ ապա պաշտօնական ձեռնարկի մը ընթացքին ստանձնեց իր պաշտօնը` Պէյրութի Մոհամետ Ամին մզկիթին մէջ:
Շէյխ Տըրիան իր արտասանած խօսքին մէջ, յայտնեց, որ Լիբանանի հոգեւոր հաստատութիւնները հսկայ պատասխանատուութիւններ ունին` լիբանանցիներու պաշտպանութեան առումով:
Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ կացութիւնը բարոյական ոճիրի հասած է այն աստիճան, որ խորհրդարանը անկարող է հաւաքուելու եւ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու, հակառակ անոր որ խորհրդարանին հիմնական եւ առաջնահերթ պարտաւորութիւնն է ընտրել երկրին հանրապետութեան նախագահը, որ արաբական աշխարհի միակ քրիստոնեայ նախագահն է:
Շէյխ Տըրիան նշեց նաեւ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը անզօր է առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու այնպիսի զինեալներէ, որոնք յանդգնութիւնը ունեցած են գլխատելու անոնցմէ ոմանք:
Հանրապետութեան միւֆթին ընդգծեց, որ այս բոլորը կը պատահին, որովհետեւ պետութիւնը անտեսուած է, եւ պետութեան հեղինակութիւնն ու մարդ արարածին արժէքը անկարեւոր նկատուած են:
Ան ընդգծեց Լիբանանի ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Թաէֆի համաձայնագիրին կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի ներկայացուցիչ` Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը իր կարգին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ընդգծեց իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան պահպանումը, որպէսզի Լիբանան կարենայ դիմադրել իր ինքնութեան սպառնացող եւ դերակատարութիւնն ու պատգամը խզող վտանգներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.